2015-02-21 08:39:50

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը ողջունեց երկխօսութիւնը` մաղթելով, որ անոր նպատակը ըլլայ նախագահական ընտրութիւնը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտուեցաւ Լիպիոյ մէջ 21 ղպտի եգիպտացիներու դէմ ՏԱՀԵՇ-ի գործած անմարդկային ոճիրը: Խորհուրդը ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց հարազատներուն:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանի ճակատագիրը միջազգային կամ շրջանային իրադարձութիւններուն չկապելու` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համախոհութիւնը` Լիբանանը դուրս բերելու համար շրջանին դիմագրաւած հարցերէն ու տագնապներէն:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ողջունեց ապահովական աշխատանքը, որ կը կատարուի լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ, ինչպէս նաեւ դրուատեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ ընթացող երկխօսութիւնը` մաղթելով, որ անոր նպատակը ըլլայ նախագահական ընտրութիւնը:
Խորհուրդը ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տակաւին կարելի չէ եղած հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:








All the contents on this site are copyrighted ©.